2015-02-05 13:01:41

Աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթքի երեկոյ` Սանդ Էճիտիոյի հասարակութեան նախաձեռնութեամբ։


(Ռատիօ Վատիկան) Աշխարհի զանազան վայրերէն ժամանած աւելի քան հարիւր եպիսկոպոսներ ` 5 փետրուարին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հռոմի Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կեդրոնի մէջ կազմակերպուած ՝ ''Մարգարէական ժողովուրդ մը նոր մարդկութեան համար'' խորագիր կրող գիտաժողովին, որ տեղի կ՛ունենայ հինգշաբթի` 5 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 6.30ին, Հռոմի Թրասէթվէրէ շրջանին մէջ գտնուող Տիրամօր նուիրուած տաճարին մէջ եւ ուր տեղի կ՛ունենայ աշխարհի խաղաղութեան համար աղօթքի երեկոյ։
Բազմաթիւ եպիսկոպոսներու շարքին, կը գտնուին նաեւ Սուրիայէն, Նիճէրէն, Մալիէն ու Փաքիստանէն ժամանած եպիսկոպոսներ, որոնք եկած իրենց ազգերու ձայնն ու կոչը փոխանցելու աղօթքի սոյն երեկոյեան։
Աղօթքի երեկոյեան ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն բազմաթիւ հաւատացեալներ, որուն ընթացին նախատեսուած է նաեւ կոչ ուղղել Միջազգային հասարակութեան որպէսզի առ աւելիով զգայուն դառնան պատերազմներէ ու բռնութիւններէ յառաջացած գաղթականներուն նկատմամբ։
Յայտնենք7 թէ ուրբաթ 6 փետրուարին, կը նշուի նաեւ Սանդ Էճիտոյ հասարակութեան
հիմնադրութեան 47 ամեակը, որ սկիզբ առած է 1968ին եւ իր 60 կամաւորներով ներկայ է 74 երկիրներու մէջ։







All the contents on this site are copyrighted ©.